2013-10-09 13:31:06

Հանդիպում` ''Մշակութային ժառանգութիւնը եւ Կաթողիկէ Եկեղեցին Քուպայի մէջ'' ։


Չորեքշաբթի, 9 հոկտեմերէն մինչեւ 12 հոկտեմբեր, Քուպայի Չիէնֆուէկոս քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ
ազգային 7-րդ հանդիպումը` ''Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ Քուպայի քաղաքացիութիւնը'' նիւթին մասին։ Հանդիպումը մասնաւորապէս կը կեդրոնանայ` ''Մշակութային ժառանգութիւնը եւ Եկեղեցին Քուպայի մէջ'' նիւթին վրայ։ Վերոյիշեալ հանդիպումը կազմակերպուած է Քուպայի եպսիկոպոսական դասի մշակոյթի յանձնախումբի կողմէ։

Քուպայի եպիսկոպոսները, հաւատոյ տարուայ ծիրէն ներս, մշակոյթի աշխարհին առաջարկած են ուսումնասիրել Եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւնները զազանազան ասպարէզնէրու մէջ որոնց շարքին` ''Կաթողիկէ մշակոյթը եւ քաղաքական ինքնութիւնը'', ''Քուպայի ՝ Ճարտարապետութիւնն ու հաւատքի հետ ունեցած անոր կապերը'' , ''աւանդութիւն եւ ժողովրդային կրօնական պատմութիւն`, թանգարանները եւ կրօնական ժառանգութիւնը''։







All the contents on this site are copyrighted ©.